2016-05-03 09:43:00

5 Մայիսին` վշտահարներու ի սպաս աղօթքի հսկում Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ հինգշաբթի` 5 Մայիսի երեկոյեան ժամը 6-ին ս. Պետրոս պազիլիքայի մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի հսկում ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ, ի սպաս հոգւով ու մարմնով տառապողներուն որուն առթիւ պիտի ցուցադրուի Սիրաքուզայի ''Արցունքներու Տիրամօր'' Սրբապատկերի մասունքները, հաւատացեալներու կողմէ մեծարուելու համար։ 

''Սրբել արցունքները հոգւով ու մարմնով տառապողներուն, անոնց տանելով մխիթարութիւն եւ յոյս''այս է  աղօթքի հսկումի նպատակը։ Յոբելենական այս ձեռնարկը կ՛ուզէ ի յայտ դնել Հօր Աստուծոյ ողորմած ձեռքը որ կ՛երկարի սրբելու համար այն մօր կամ հօր արցունքը  որ զաւակը կորսնցուցած է, կամ արցունքը այն զաւկին որ իր ծնողքը կորսնցուցած է, արցունքն անոր որ կը պայքարի հիւանդութեան մը դէմ եւ կամ ան որ աշխատանքէ զուրկ մնացած է, ան որ կ՛ապրի առանձնութեան մէջ,  ան որ թիրախ է  անարդարութեան եւ կամ կորսնցուցած է իր կեանքին իմաստը։

Հոգեւոր ողորմութեան եօթը ներգործութիւններուն մաս է` Մխիթարել վշտահարները որ է նաեւ  վերոնշեալ ձեռնարկի սիրտը որ բաց է բոլորին ու յատկապէս անոնց որոնք աւելիով կարիքը կը զգան զիրենք մխիթարող, ուժ եւ նեցուկ ներշնչող խօսքի մը։  

Յայտնենք թէ` 29 օգոստոսէն 11 սեպտեմբեր 1953-ին, Սիրաքուզայի ''Արցունքներու Տիրամօր'' հրաշագործ Սրբապատկերէն արցունք հոսած է եւ այդ արցունքները տեղադրուած են անօթի մը մէջ։  Այդ արցունքները կը յատկանշեն Մօր սէրը իրեն զաւակներուն նկատմամբ եւ ասոր համար է որ անոնք պիտի ցուցադրուին հսկումի ընթացքին որպէս քաջալերանքի, մխիթարութեան ու նեցուկի նշան բոլոր անոնց որոնք դժուարութեան մէջ կ՛ուզեն ապաւինիլ Աստուածամօր, զաւակներու անկեղծ վստահութեամբ, Տիրամօր նուիրուած այս ամսոյն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.